2015-03-11 11:55:00

Ֆրանչիսկոս Պապի հրապարակային ունկնդրութիւնը` ''Մեծ հայրերն ու մեծ մայրերը''։


(Ռատիօ Վատիկան)  Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի` չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ունկնդրութեան խորհրդածութիւնները կեդրոնացած են ''Ընտանիքի'' նիւթին մասին, որպէս շարունակութիւն  2014-ի Հոկտեմբերին ''ընտանիքի'' նիւթին մասին  կայացած եպիսկոպոսական արտակարգ սիւնհոդոսին  եւ առ ի պատրաստութիւն յառաջիկայ 4 – 25 հոկտեմբեր 2015, վատիկանի մէջ նախատեսուած եպիսկոպոսական ԺԴ սովորական սիւնհոդոսին, որուն նիւթն է '' Ընտանիքի կոչումն ու առաքելութիւնը եկեղեցւոյ եւ ժամանակակից աշխարհին մէջ''։

Այս առընչութեամբ չորեքշաբթի` 11 մարտ 2015-ի հրապարակային ունկնդրութեան ընթացքին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը խօսեցաւ ''մեծ հայրերու եւ մեծ մայրերու'' մասին ու անոնց կարեւոր դերակատարութեան ու արժէքին` ընտանեկան յարկէն ներս։

''Այս խորհրդածութիւնը կը կատարեմ նոյնանալով անոնց հետ, որովհետեւ ես ալ անոնց տարիքին կը պատկանիմ'' ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը ակնարկելով թէ ինչպէս ընկերութիւնը կը մտի ''արհամարհել'' տարեցները եւ թէ ինչպէս Տէրը այս բանը չընէր` ընդհակառակը ''Ան մեզ կը կոչէ իրեն հետեւելու կեանքի ամէն հանգրուաններու ընթացքին, եւ ծերութիւնը ունի իր շնորհքն ու առաքելութիւնը ինչպէս նաեւ յատուկ կոչումը'' հաստատեց Քահանայապետը մատնանշելով` Սուրբ Պետրոսի հրապարակի վրայ նշուած  ''տարեցներու օրուան'' որուն ընթացքին  ի յայտ եկաւ տարեցներուn անձնուիրումը ուրիշներուն: Այս ուղղութեամբ Սրբազան Հայրը  մատնանշեց ծերունի Սիմէոնին եւ Աննային որոնք Յիսուսը ընկալեցին տաճարին մէջ ու տեսնելով Մանուկը, ծերութեան բեռը անհետացաւ ու տոգորուեցան նոր ուժով, նոր պարտականութեան մը համար` խօսիլ Յիսուսի մասին։

Սիրելի մեծ հայրիկներ եւ մեծ մայրիկներ – ըսաւ ապա Քահանայապետը – հետեւինք այդ երկու ծերունիներու օրինակին, մենք եւս դառնանք աղօթքի բանաստեղծներ։ Ձեր աղօթքը պարգեւ մըն է եկեղեցւոյ եւ ցրուածութեան մէջ ապրող  համայն ընկերութեան: Նայինք Պենետիկտոս ԺԶ –ին որ ընտրեց` կեանքի վերջին օրերը ապրիլ աղօթքի եւ խոկումի մէջ ունկնդրելով Աստուծոյ ձայնը։

Մենք տարեցներս կարող ենք զԱստուած գոհաբանել բոլոր մեզի տրուած բարիքներուն համար ու նաեւ բարեխօսել նոր սերունդներուն համար, արժէքաւորելով ''յիշողութիւն'' ու անցեալի զոհողութիւնները։ Մենք կարող ենք երիտասարդներուն յիշեցնել թէ առանց սիրոյ կեանքը տաղտկալի է։ Կրնանք վախի մէջ ապրող երիտասարդներուն հասկցնել  թէ ապագայի մտահոգութիւնը կարելի է յաղթահարել , եսասէր երիտասարդներուն  սորվեցնել թէ աւելի երջանկութիւն կայ տալու քան ստանալու մէջ։

Ձեր աղօթքն ու փառաբանութիւնը թիկունք է կեանքի դժուարութիւնները դիմագրաւող հասարակութեան։ Աղօթքը կը բիւրեղացնէ տարեցներու  սրտերը­, գեղեցիկ դարձնելով տարեցին քաջալերանքը` կեանքի եւ հաւատքի իմաստը փնտռող պատանիին։

''Որքան կը փափաքէի Եկեղեցի մը որ երիտասարդներու եւ տարեցներու միջեւ ողջագուրումի ուրախութեամբ դիմագրաւէ ''աւելորդի մշակոյթը''։ Ահա այս բաղձանքս  որ կ՛ուղղեմ Տիրոջ այսօր. այդ ողջագուրումը'', ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը խորհրդածութեան աւարտին հուսկ զանազան լեզուներով ողջունեց հրապարակը համախմբուած հաւատացեալները յատուկէն ողջոյնի խօսք ուղղելով  երիտասարդներուն, հիւանդներուն եւ նորապսակեալներուն ոգեկոչելով Ավիլայի Յիսուսի Սրբուհի Թերեզայի ծննդեան 5-րդ դարադարձը­,­ ու մաղթեց որ Անոր հոգեկան կորովը երիտասարդները խթանէ` որպէսզի վկայեն իրենց կեանքին հաւատքը, Անոր վստահութիւնը Փրկիչ Քրիստոսի վրայ` նեցուկ ըլլայ հիւանդներուն դժուար պահերու ընթացքին ու Անոր անխոնջ առաքելական նուիրումը հրաւիրէ նորապսակեալները իրենց ամուսնական կեանքին որպէս կեդրոն ընտրելու` Քրիստոսը։








All the contents on this site are copyrighted ©.